Մամուլ

«Մեր պահանջն է». Արամ Ա կաթողիկոսը հայտարարություն է տարածել

«Մեր պահանջն է». Արամ Ա կաթողիկոսը հայտարարություն է տարածել

Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Առաջին կաթողիկոսը հայտարարություն է տարածել

«ԶԳՈՅՇ… ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԱՍԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐԷ ՎԵՐ

Ազերի-Թուրք բանակին կողմէ Արցախին դէմ շղթայազերծուած պատերազմը կասեցնելու կոչուած զինադադարի յայտարարութիւնը, ինչպէս օրին յիշած էինք, կը պարունակէ այնպիսի անորոշ ու երկդիմի կէտեր, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի պետութեան անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը։

Զինադադարի յայտարարութեան վտանգալից կէտերը հարկ է որ յստակացուին Հայաստանի պահանջով ու Ռուսիոյ օժանդակութեամբ։ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ պետութեան ամուր ու անվթար պահպանումը անսակարկելի համահայկական յանձնառութիւն է։

արամ ա կաթողիկոս

Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, ճակատագրական պահերուն, ազգին ու հայրենիքին գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դիմաց մեր ժողովուրդը իր «ոչ»ը ըսած է, ի գին ամէն զոհողութեան։

Ծանօթ չենք Յունուար 11-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի օրակարգի մանրամասնութիւններուն։

Մեր պահանջն է, կը հաւատանք նաեւ մեր ժողովուրդին, որ Երեւանը որեւէ համաձայնագրի ստորագրութեամբ չվտանգէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը, պետականութիւնը ու հողային ամբողջականութիւնը»:

Կիսվել